2014-02-11 12:17:07

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի թուիթն ու պատգամը ` 2014-ի Հիւանդին համաշխարհային օրուան առթիւ։


11 փետրուարին կը նշուի Հիւանդի համաշխարհային օրը։ Այս առթիւ հրատարակած իր թուիթին մէջ, Նորին Սրբութիւնը ողջունեց բոլոր տառապող եւ հիւանդ մարդիկը անոնց յիշեցնելով թէ ''խաչուած Քրիստոսը անոնց մօտիկ է'' ու հրաւիրելով զանոնք միանալու Անոր''.
'
'Կ՛ողջունեմ բոլոր հիւանդ եւ տառապեալ անձերը։ Խաչուած Քրիստոսը ձեզի մօտ է` Անոր միացէք''։ Գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը հիւանդներուն ուղղած իր թուիթին մէջ։


Թուիթէն զատ, Հիւանդին համաշխարհային 22-րդ օրուան առթիւ, որուն այս տարուայ բնաբանն է '' ''Հաւատք ու սէր. պարտինք մենք եւս մեր կեանքը տալ` մեր եղբայրներուն համար'', ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, պատգամ մըն ալ ուղղած է հիւանդներուն եւ բոլոր խնամատարներուն որուն մէջ գրած է '' եկեղեցին, հիւանդին մէջ կը տեսնէ տառապող Քրիստոսը։ Երբ Քրիստոս խաչ բարձրացաւ կոտրեց տառապանքին առանձնութիւնը ու լուսաւորեց խաւարը։ Այսպէսով մենք կը գտնուինք Աստուծոյ սիրոյ ծրագիրին առջեւ որ մեզի կը ներշնչէ յոյս եւ քաջութիւն։
Աստուծոյ Որդին, իւրացնելով մարդկային վիճակը, բարեփոխեց եւ նոր ծաւալ տուաւ մարդկային կեանքին մասնակից դարձնելով զայն կեանքի լիութեան։ Խաչեցեալ Քրիստոսի հաւատալով մենք կանչուած են սիրելու մեր թշնամիները, տառապեալները, լուսանցքայինները եւ անոնք որոնք արժանի չեն սիրուելու։
Մկրտութեան ու դրոշմի խորհուրդներու զօրութեամբ մենք կանչուած ենք Քրիստոսի նմանելու, դառնալու բարի Սամարացի` հանդէպ բոլոր տառապեալներուն։
Յովհաննէս առաքեալը իր առաջին թուղթին մէջ կը գրէ. ''Մենք ասով ճանչցանք Սէրը, որ ան իր կեանքը զոհեց մեզի համար։ Պարտինք ուրեմն մենք ալ մեր կեանքը տալ` մեր եղբայրներուն համար''։ Երբ գորովալիր` մօտենանք տառապեալներուն, անոնց հաղորդենք Աստուծոյ յոյսն ու ժպիտը, սատարած կ'ըլլանք Աստուծոյ Արքայութեան։
Մենք` որպէս տիպար ունինք, Յիսուսի Մայրը` մեր Մայրը։ Ան միշտ անսած է Աստուծոյ խօսքին եւ ուշադիր` տառապեալին ու իր զաւակներու դժուարութիւններուն։ Ան Մայրն է Խաչեցեալ ու Յարուցեալ Քրիստոսի. մեր դժուարութիւններուն մօտ կը մնայ ու մեզի հետ կ'ընթանայ դէպի յարութիւն ու կատարեալ կեանք։
Ս. Յովհաննէս, որ Մարիամի հետ կանգնած էր խաչին ոտքը, մեզի կը յիշեցնէ թէ կարելի չէ Աստուած սիրել եթէ մեր եղբայրները չսիրենք։ Ան կը հրաւիրէ մեզ սիրով ու գթութեամբ դիտելու տառապեալն ու կարօտեալը''։
Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամը աւարտին Ս. Կոյս Մարիամի բարեխօսութեան կը յանձնէ հիւանդի
համաշխարհային 22-րդ օրը ''որպէսզի օգնութեան հասնի հիւանդներուն եւ անոնք կարողանան իրենց ցաւերուն տոկալ Յիսուս Քրիստոսի միութեամբ եւ որպէսզի օրհնէ հիւանդներուն խնամատարները''։ Նորին Սրբութիւնը պտգամը կ՛եզրափակէ ''Բոլոր հիւանդներուն, խնամատարներուն եւ կամաւորներուն ջամբելով իր առաքելական օրհնութիւնը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.